00:00:00

Արամ Վեհափառը միջեկեղեցական համագործակցության զարգացման հարցեր է քննարկել Վատիկանի ներկայացուցչի հետ

22:36, 05 նոյեմբեր 2026 Հասարակություն

Արամ Ա կաթողիկոսն ընդունել է Վատիկանի ներկայացուցչին․
Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի ներկայացուցիչ Ֆլավիօ Փաչէ արքեպիսկոպոսին հետ։ Հանդիպման ընթացքին, Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործակցութեան առաւել զարգացման առընթեր, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Անտիոքի Ասորի Պատրիարքութեան եւ Հնդկաստանի Ասորի Եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող ներկայ տարակարծութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն՝ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ միջեւ տարիներէ ի վեր շարունակուող աստուածաբանական երկխօսութեան վրայ։

Նոյն օրը Նորին Սրբութիւնը ընդունեց նաեւ Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Վերապատուելի Տիրք Լէյնճ։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ նետելու միջ-եկեղեցական շարժումին վրայ եւ անդրադառնալու անոր մէջ լուտերական եկեղեցիներու բերած կարեւոր նպաստին։ Ընդհանուր քարտուղարը առաջարկեց Հայրապետին՝ աստուածաբանական ու բարոյագիտական հարցերու շուրջ քննարկման հանդիպումներ կազմակերպելու Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ։ Ան նաեւ ուզեց իմանալ Նորին Սուրբ Օծութեան տեսակէտը՝ լուտերական եկեղեցիներու եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական հարցերու քննարկման նուիրուած նախաձեռնութեան գծով։

Վեհափառ Հայրապետին հանդիպեցաւ նաեւ Հին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Շուլերը՝ առաջարկելով, որ տարիներ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ սկսած բարոյագիտական հարցերու շուրջ քննարկումները շարունակուին։

Յայտնենք, որ վերոնշեալ անձերը կը մասնակցին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող միջ-եկեղեցական միջազգային համաժողովին։

Լրահոս

Արխիվ

March 2017
Երկ ԵրքՉոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր