00:00:00

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը 2024-ը հռչակել է «Մարդուժի պատրաստության տարի»

21:25, 14 հունվար 2024 Հասարակություն

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը  2024-ը հռչակել է «Մարդուժի պատրաստության տարի»։ 

Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանի մամուլի ծառայության տարածած հաղորդագրության մեջ, մասնավորապես, ասվում է․

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2003 թուականէն սկսեալ իւրաքանչիւր տարին կը ձօնէ մեր համահայկական կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, դէպքի մը, դէմքի մը կամ յոբելեանի մը։ 2024 տարին Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական յատուկ գիրով հռչակեց ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ։ Իւրաքանչիւր տարուան Հայրապետական հռչակագիրը յատուկ հանդիսաւորութեամբ կ՚ընթերցուի մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնանալու հրաւիրուի տուեալ թեմային, եւ Վեհափառ Հայրապետին թելադրութիւններով ու ցուցմունքներով վառենք մեր եկեղեցական ու ազգային վարչակազմակերպչական կեանքը։

Արդարեւ, Կիրակի, 14 Յունուար 2024-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան հատուածներ ընթերցեց Նորին Ս. Օծութեան «Մարդուժի Պատրաստութեան» տարուան նուիրուած Հայրապետական յատուկ հռչակագրէն։

«Հայրական սիրով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով» ողջունելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, ազգային իշխանութիւնները եւ մեր ժողովուրդի զաւակները, Վեհափառ Հայրապետը անոնց ուշադրութեան յանձնած է, թէ «բոլոր կրօնները ու քաղաքակրթութիւնները յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած են մարդը, որպէս մտածող, գործող, կառավարող եւ իր ստեղծագործ ոգիով ընկերութեան կեանքը զարգացնող եւ անոր իմաստ ու ուղղութիւն տուող իրականութիւն»։ Այս մտածումէն ելլելով՝ Հայրապետը հարց տուած է, թէ «ինչո՞ւ մարդուժի պակաս կայ Սփիւռքի կեանքէն ներս. ի՞նչ են ատոր պատճառները». եւ ապա պարզած է հայ կեանքի այսօրուան պատկերը.- ա) մեր ունեցած ներկայ մարդուժը ընդհանրապէս չի համարատասխաներ ներկայ ժամանակներու կարիքներուն ու պահանջներուն, եւ բ) մեր մարդուժին կարեւոր մէկ մասը փաստօրէն կա՛մ հայ կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուի, կա՛մ հեռու է հայ կեանքէն։ «Այս մտահոգիչ երեւոյթին դիմաց, չենք ուզեր այպանել ո՛չ հեռու մնացողները եւ ո՛չ ալ անոնց հեռու մնալուն պատճառ հանդիսացած կառոյցները կամ պատասխանատուները։ Կ՚ուզենք բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ շեշտել, թէ աւելի քան երբեք հրամայական է, որ զանազան պատճառներով հայ կեանքէն հեռու գտնուող մեր մարդուժը մօտենայ հայ կեանքին, մասնակից դառնայ մեր հաւաքական ապրումներուն, մաքառումներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն։ Այս հաստատ կամեցողութիւնը ու գիտակից յանձնառութիւնը կը սպասենք հեռու մնացողներէն։ Միաժամանակ՝ կը սպասենք, որ պատասխանատու մարմիններ լայն կարելիութիւններ ստեղծեն մեր մարդուժին ու յատկապէս երիտասարդ ոյժերուն, զանոնք գրաւելով մեր կառոյցներէն եւ ընդհանրապէս հայ կեանքէն ներս» ըսած է Նորին Սրութիւնը։

Իր Հայրապետական հռչակագիրին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը թուած է այն կառոյցները ու միջոցները, որոնք կարեւոր նպաստ կրնան բերել մարդուժի պատրաստութեան առաքելութեան.- ա) ընտանիքը, բ) եկեղեցին, գ) մեր Ս. Աթոռին Դպրեվանքը, դ) հայ դպրոցը, ե) բոլոր կառոյցները, զ) հայագիտական կեդրոնները, է) Կաթողիկոսարանի մանկավարժական կեդրոնը եւ ը) համալսարանական ուսումը։ Ինքնուսումը եւս կարելիութիւն կու տայ եւ իր կարեւոր ներդրումը կրնայ ունենալ մարդու կազմաւորման։

Հռչակագրի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս կատարած է իր Հայրապետական գործնական թելադրութիւնները, տուած է ցուցմունքներ եւ վստահեցուցած է, որ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է զօրակից ու գործնապէս մասնակից դառնալու մարդուժի պատրաստութեան նուիրական առաքելութեան»։

Ստորեւ կը ներկայացնենք 2003 թուականէն մինչեւ օրս Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կատարուած տարեկան հռչակումներու ցանկը.-

2003 - Աստուածաշունչի Տարի

2004 - Հայ Ընտանիքի Տարի

2005 - Ազգային Պահանջատիրութեան Տարի

2006 - Հայ Դպրոցի Տարի

2007- Հայ Լեզուի Տարի

2008 - Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի

2009 - Երիտասարդութեան Տարի

2010 - Հայ Կնոջ Տարի

2011 - Հայ Մանուկի Տարի

2012 - Հայ Գիրքի Տարի

2013 - Հայ Մօր Տարի

2014 - Տարեցներու Տարի

2015 - 100-ամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան (Կոնդակ)

2016 - Ծառայութեան Տարի

2017 - Վերանորոգման Տարի

2018 - 100-ամեակ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (Կոնդակ)

2019 - Հայ Մամուլի Տարի

2020 - Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի

2021 - Արցախի Տարի

2022 - Սփիւռքի Տարի (Ա.)

2023 - Սփիւռքի Տարի (Բ.) Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում

2024 - Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի

Լրահոս

Արխիվ

March 2017
Երկ ԵրքՉոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր