Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանում հանդիպում է կազմակերպվել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի հետ.
«Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանին, Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր, 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Երջօ Սամուէլեան «Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-հանդիպում մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գահակալ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, նիւթ ունենալով «Հոգեւոր եւ Ազգային արժէքներու վերակենսաւորման հրամայականը»։
Բացման բարի գալստեան իր խօսքին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Այնուհետեւ խօսք առաւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն` Տիար Շահան Գանտահարեան։
Իր հայրական խօսքը ներկաներուն ուղղելով, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ իր խօսքը քարոզ, պատգամ կամ դասախօսութիւն չէ, այլ ներկաներուն հետ զրոյց։