Արամ Ա Վեհափառը ընդունել է Պոլ Հայտոսթյանի գլխավորած պատվիրակությունը․
«Այս առաւօտ՝ Շաբաթ, 4 Յունուար 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց վերապատուելիներէ ու աւետարանական համայնքին պատկանող աշխարհականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէր Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտոսթեան։

Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան 100-ամեակին առիթով պատրաստուած յուշանուէրին յանձնումը Վեհափառ Հայրապետին։
Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ քննարկելու Լիբանանի ու Սուրիոյ հայ համայնքներուն դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին առնչուած նիւթեր։ Թէ՛ Նորին Սրբութիւնը եւ թէ՛ վերապատուելին վերաշեշտեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը»։