00:00:00

Արամ Ա. Կաթողիկոսը այցելել է Ուայթնսվիլի Սուրբ Աստվածածին եկեղեցի

19:33, 10 հոկտեմբեր 2024 Հասարակություն

Ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, որուն մաս կը կազմեն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Արեւելեան թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Արամ Սարաֆեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Ուայթընզվիլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի:

Յայտնենք, որ եկեղեցի հասնելէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը այցելեց ազգային գերեզմանատան մէջ բարձրացուած ապրիլեան յուշակոթող՝ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան վերապրողներուն եւ առ ի գնահատանք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին: Հոն տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն՝ ներկայութեան Ուայթընզվիլէն ու Պոսթընէն ժամանած հայորդիներուն եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն: Արարողութեան ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Մենք չենք մոռնար մեր ժողովուրդին դէմ կատարուած 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը՝ իրագործուած Օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Ո՛չ միայն չենք մոռնար զայն, այլեւ արդարութիւն կը պահանջենք: Մենք չենք մոռնար, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները Օսմանեան կայսրութեան սահամաններէն ներս մահ ճաշակեցին, իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս կեանքով լեցուեցան. հոն անարդարութիւն տեսան, իսկ հոս՝ արդարութիւն. հոն հալածուեցան, իսկ հոս՝ սիրով ընդունուեցան: Մենք երախտապարտ ենք Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին, որ ընդունեց Ցեղասպանութեան վերապրողները եւ լայն կարելիութիւններ ընծայեց անոնց՝ վերակազմելու իրենց ընտանիքները եւ վերակազմակերպելու իրենց եկեղեցական ու համայնքային կեանքը: Այս յիշատակարանը անցեալը յիշելու հրաւէր է եւ միաժամանակ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝ հայ ժողովուրդին կողմէ Միացեալ Նահանգներուն»: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ նաեւ ընդգծեց. «այս առիթով, Մեր բարձր գնահատանքը կ՚ուզենք յայտնել նախագահ Պայտընին, որ իմաստութիւնն ու քաջութիւնը ունեցաւ, առաջին անգամ ըլլալով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ, պաշտօնապէս ճանչնալու հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը»: 

Ապա, Նորին Սրբութիւնը մեկնեցաւ եկեղեցի, ուր պատասխանատու մարմինները եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները զինք դիմաւորութեան կը սպասէին: Եկեղեցական արարողութենէն եւ առաջնորդ սրբազան հօր ողջոյնի խօսքէն ետք, Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Արժ. Տ. Միքայէլ Քհնյ. Տէր Խոսրովեանին եւ թեմի վարչութեան՝ անոնց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար: Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ որոշած ըլլալով «Հայր մեր»ի մեկնաբանութիւնը կատարել տող առ տող, ծուխերուն տուած իր այցելութեան ընթացքին, խօսեցաւ «սուրբ եղիցի անուն քո» նախադասութեան մասին, յատկապէս վերլուծելով սրբութեան գաղափարը՝ զայն նկատելով ո՛չ միայն Աստուծոյ պատկանող երեւոյթ մը, այլ նաեւ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած շնորհք մը:

Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ ճաշկերոյթ, մասնակցութեամբ հաւատացեալներուն: Ճաշկերոյթի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին առաջնորդ սրբազանը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, ազգային վարչութեան եւ հոգաբարձութեան ատենապետները: Անոնք ողջունեցին Նորին Սրբութեան օրհնաբեր այցելութիւնը:

Իր փակման օրհնութեան խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը առիթ տուաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու իրեն՝ մեր ազգին, գաղութին եւ եկեղեցւոյ առնչուած հարցերու շուրջ: 

Հանդիպումը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» օրհներգով եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգով:

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը ուղղուեցաւ Պոսթըն:

Լրահոս

Արխիվ

March 2017
Երկ ԵրքՉոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր