Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ
Երկուշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազէնը:
Հանդիպման առանցքը հանդիսացաւ վերջին շրջանին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական եւ ընկերատնտեսական զարգացումները, յառաջիկայի կատարուելիք նախագահական ընտրութիւնը եւ յիշեալ հարցերուն շուրջ Վատիկանին յայտնած տեսակէտները: