Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոս Արամ Ա-ն անդրադարձել է Ադրբեջանի կողմից դեսպանների մասնակցության Շուշիում կազմակերպված խրախճանքին․
«Խոր ցաւով ու ընդվզումով դիտեցինք ընկերային ռցանցերը ողողած այս տեսերիզները (video-ները)։ Հայաստանի «բարեկամները» կը պարեն Շուշիի մէջ եւ «հիացումով» կը դիտեն ու կը լսեն՝ մեր սուրբերու աղօթքով, նահատակներու արիւնով ու ժողովուրդին ստեղծագործ ոգիով դարերու ընթացքին կանգնած մեր եկեղեցիները ու պատմա-մշակութային կոթողները որպէս Ալպանական կառոյցներ։ Պատմութեան ի՜նչ ահաւոր խեղաթիւրում մեր աչքերուն դիմաց...։
Արդարեւ, ընդվեցուցիչ երեւոյթ մը, որ հետեւանք է մեր անմիաբանութեան ու անհեռատես քաղաքականութեան։ Ցաւալի երեւոյթ մը, որ մեզ պէտք է մղէ ինքնագիտակցութեան եւ համախմբուելու մեր հայրենիքին ու ազգին գերագոյն ու ընդհանրական արժէքներուն, շահերուն ու իտէալներուն շուրջ։
Կը յուսանք ու կ՚աղօթենք, որ «իրական» Հայաստանէն մասեր Շուշիի ճակատագրին չենթարկուին՝ խաղաղութեան կեղծ շպարի ետին...։»