00:00:00

Միջկրոնական համագումարում ընթերցվել է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը

19:48, 05 սեպտեմբեր 2026 Քաղաքականություն

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ուղերձը ներկայացվել է Նյու Յորքում կայացած միջկրոնական համագումարում․

Շաբաթ, 29 Օգոստոս 2026-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ “One World: One Humanity” («Մէկ աշխարհ՝ մէկ մարդկութիւն») միջ-կրօնական համագումարը, կազմակերպութեամբ Կրօնական Ղեկավարներու Համաշխարհային Խորհուրդին, որուն հրաւիրուած էր որպէս հիւր դասախօս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը։

Նորին Սրբութիւնը չկարենալով մասնակցիլ այս համագումարին, իր պատգամը ղրկած էր, զոր ընթերցեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան։ Նախքան հայրապետական պատգամի ընթերցումը սրբազան հայրը ըսաւ. «Կ՚ուզեմ այս պատկառելի ժողովի մասնակիցներուն հաղորդել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները։ Ան իր պարգամը կ՚ուղարկէ աստուածաշնչական մայրիներու երկիր՝ Լիբանանէն, որ վերջին կէս դարուն շարունակաբար կ՚արիւնի քաղաքական եւ ռազմական հակամարտութիւններու պատճառով, բայց, փիւնիկի նման, մոխիրներէն յարութիւն կ՚առնէ խաղաղութեան եւ արդարութեան յոյսով»։
Խորհուրդի հիմնադիր դոկտ. Պաուա Ճէյն, Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբերին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնելու համար Նորին Սրբութեան։ Ան ջատագովը ըլլալով համաշխարհային խաղաղութեան, իր պաշտօնի բերմամբ այցելած է համարեայ բոլոր երկիրներու կրօնապետներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութեանց, համագործակցութեան եզրեր ստեղծելու համար։ Քանի մը տարի առաջ ան գտնուած ըլլալով Լիբանան, ջերմապէս հիւրընկալուած է Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, որուն ազդեցութեան տակ ան անկեղծ յարգանք կը տածէ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ առ հասարակ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հանդէպ ի մասնաւորի։

Լրահոս

Արխիվ

March 2017
Երկ ԵրքՉոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր