00:00:00

Արամ Ա Վեհափառը քննարկել է Միջին Արեւելքում ստեղծված աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակը

19:47, 30 ապրիլ 2026 Քաղաքականություն

Արամ Ա Վեհափառը ընդունել է Լիբանանում Սաուդյան Արաբիայի դեսպանին․

 

«Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 30 Ապրիլ 2026-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կարեւոր զրոյց մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ՝ ընդհանրապէս տարածաշրջանը եւ յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ։

Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց տագնապալից ներկայ ժամանակներուն Լիբանանէն ներս հանդարտութիւնն ու ապահովութիւնը պահելու առաջնահերթութիւնը։ Դատապարտելով իսրայէլեան թափանցումը հարաւային Լիբանանէն ներս եւ անոր կողմէ շարունակուող յարձակումները, Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդումը աւելի քան հրամայական է, ըսաւ Հայրապետը։ Ան միաժամանակ ողջունելով Լիբանանի կառավարութեան առած քայլերը՝ ընդգծեց հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին միջեւ համագործակցութեան ամրապնդումը, յատկապէս Լիբանանը դիմագրաւող ընդհանրական հարցերու շուրջ։

 
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ տարածաշրջանի ընդհանուր կացութեան՝ ընդգծելով Իրանի դէմ շղթայազերծուած ամերիկեան ու իսրայէլեան պատերազմին վտանգալից հետեւանքները, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքէն ներս: Նորին Սրբութիւնը նաեւ ակնարկեց Թուրքիոյ հետզհետէ ծաւալող ներկայութեան Սուրիայէն եւ Լիբանանէն ներս, նաեւ՝ հետեւանքներուն։ Վերջապէս, Նորին Սուրբ Օծութիւնը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս ստեղծուած աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակին եւ շեշտեց Սէուտական Արաբիոյ կարեւոր դերը, որպէս կողմերու միջեւ փոխադարձ հասկացողութիւն ստեղծող կամուրջ։
 
Դեսպան Պուխարի ամբողջութեամբ բաժնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները վերոնշեալ հարցերուն շուրջ։ Ան, իր կարգին, անհրաժեշտ յաւելումներ ու շեշտաւորումներ կատարեց՝ յայտնելով Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւնը Լիբանանի, անոր միութեան, գերիշխանութեան ու ամբողջականութեան ամուր պահպանման գծով»։

Լրահոս

Արխիվ

March 2017
Երկ ԵրքՉոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր