00:00:00

Հալեպում անցկացվեց զորակցության հավաք՝ ի աջակցություն Արցախի

19:48, 17 ապրիլ 2023 Աշխարհ

Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս հազարաւոր հալէպահայերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` յաջակցութիւն աւելի քան 125 օր շրջափակուած Արցախին ու արցախցիներուն։ Տեղեկանում ենք «Գանձասար» պարբերականից։ 

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի հարնապետութիւններու քայլերգներով` կատարողութեամբ Սուրիոյ Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութիւններու երիտասարդներուն։

Օրուան բեմավար Քրիստին Համմասեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը բոլոր նահատներուն։

Հայերէն բացման խօսքով Ներսէս Պարսումեան յայտնեց, որ «Արցախը մեր ինքնութեան, ինքնիշխանութեան եւ գոյատեւման դարպասն է։ Արցախով կը սկսի ու կը վերջանայ Հայաստանի սահմանը։ Արցախը նորանկախ Հայաստանին տուաւ ինքնավստահութիւն, ուժականութիւն եւ հպարտութիւն»։

Արաբերէն բացման խօսքով Կարօ Եղիայեան ըսաւ․ «Մեր ձայնը կը բարձրացնենք յաջակցութիւն բոլոր այն ազգերուն համար, որոնք կ'ապրին բռնաճնշումներու տակ»։

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ պատանիներէ եւ երիտասարդներէ կազմուած երգչախումբին ազգային, հայրենասիրական երգերով։

Օրուան բանախօսն էր Արցախի Ազգային ժողովը պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան։

Իշխանեան Արցախի պայքարող մեր հայրենակիցներուն ջերմ ողջոյնները փոխանցեց սուրիահայութեան այս դժուար օրերուն եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Սուրիան ցնցած երկրաշարժի զոհերու հարազատներուն՝ ուժ ու կորով մաղթելով Սուրիոյ պայքարող ժողովուրդին, շեշտելով որ Արցախը եւս իր օժանդակութիւնը բերաւ սուրիահայութեան՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժի օրերուն, այնպէս ինչպէս սուրիահայութիւնը զօրավիգ կանգնեցաւ Արցախի ժողովուրդին:

Անդրադառնալով իրարայաջորդ աշխարհաքաղաքական ցնցումներուն եւ անոնց ազդեցութեան Հայաստանի ու Արցախի վրայ, Դաւիթեան անդրադարձաւ Արցախի յետ պատերազմեան ժամանակաշրջանի հիմնական ուղղութիւններուն եւ ոլորտներուն՝ անվտանգութեան, կարգավիճակին, տնտեսութեան, հասարակական հիմնահարցերուն, ժողովրդագրութեան եւ շրջափակման հարցերուն։

Ապա պարզաբանելով Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը ըսաւ․ «Ատրպէյճան յատուկ հաշուարկներ ունի հենց այս առումով, նախ շրջափակման միջոցով Արցախին պարտադրել հրաժարուել իր քաղաքական պահանջներից, իսկ յետոյ աստիճանաբար հայաթափել Արցախը:

«Պէտք է աւելացնել որ ՀՀ իշխանութիւնների կողմից վարուող ապազգային քաղաքականութիւնը, լուրջ հարուած է հասցնում ոչ միայն Արցախի հիմնահարցի հայանպաստ ու վերջնական հանգուցալուծմանը, այլև համազգային մեր միւս խնդիրներին»:

Լրահոս

Արխիվ

March 2017
Երկ ԵրքՉոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր