Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Առաջինը հանդիպում է ունեցել կիպրահայ կազմակերպությունների ներկայացուցիչների հետ: Այս մասին հայտնում են Կաթողիկոսարանից։
Սրբազան հայրը Հայրապետին ներկայացուց Կիպրոսի հայ համայնքը ղեկավարող մարմինները, եւ ապա ընդգծեց համերաշխօրէն կատարուած աշխատանքին արդիւնաբերութիւնը՝ յիշելով անցնող տարիներուն կատարուած աշխատանքները:
Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութիւնը սոսկ լոզունգ ըլլալէ անդին պէտք է մեր մտածողութեան ուղեցոյց դառնայ: Ան Իր խօսքը կեդրոնացնելով Սփիւռքի վերակազմակերպման վրայ՝ ըսաւ, որ Սփիւռքը իր ներկայ վիճակէն դուրս պէտք է բերել: Սփիւռքը տարտղնուած է. ան կարիքը ունի համախմբուելու. կարիքը ունի հաւաքական արժէքներու, կեցուածքներու եւ ուղղութիւններու ներդաշնակման: Մեր զանազանութիւնները պահելով հանդերձ՝ պէտք է ներդաշնակենք մեր աշխատանքները: Հետեւաբար, Սփիւռքի վերակազմակերպումը մեզի համար դարձած է անյետաձգելի հրամայական, ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը:
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը կիպրահայ կազմակերպութեանց հետ ունեցած իր հանդիպումէն առաջ ունկնդրեց Նիկոսոիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մանկապատանեկան երգչախումբը։ Շուրջ 70 մանուկներէ եւ պատանիներէ բաղկացած երգչախումբը, Նորին Սրբութեան հովուապետական այցելութեան առիթով, հրամցուց հայ հոգեւոր եւ ազգային երգերէն փունջ մը:
Հանդիսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց մանկապատանեկան երգչախումբի անդամներուն։
Նոյն օրը գիշերը, տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Մակի Մահտեսեան, իրենց բնակարանին մէջ, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, ընթրիք մը սարքեցին, որուն ներկայ էին Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի մօտ Լիբանանի դեսպան Գլոտ Ալ-Հաճալ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրեճեան, Կիպրոսի հայոց թեմի երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեան եւ տիկինը, Կիպրոսի հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Սեւակ Կիւրիւնլեան ու տիկինը եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան»: