Լաթաքիոյ մէջ 6 եւ 20 Փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժներուն հետեւանքներուն եւ անոնց յաղթահարման համար տարուող աշխատանքներուն մօտէն հետեւելու համար, Ուրբաթ, 10 Մարտ 2023-ին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան այցելեց Լաթաքիա եւ հանդիպում ունեցաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան, Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան եւ Պատկան Մարմինին հետ։ Գրում է «Գանձասար» պարբերականը։
Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Սունպուլ Սունպուլեան եւ ազգային Վրէժ Եագուպեան։
Սրբազան հայրը հետաքրքրուեցաւ երկրաշարժին հետեւանքով արձանագրուած մարդկային եւ նիւթական վնասներով, իրազեկ դարձաւ երկրաշարժի հետեւանքներու դիմագրաւման համար տարուող աշխատանքներով, ուժ եւ կորով մաղթեց ազգայիններուն՝ ծառայելու ժողովուրդին։
Այնուհետեւ սրբազան հայրն ու ազգայինները հանդիպեցան Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի աշակերտութեան հետ։
Տէր Մակար սրբազան Աշգարեան խրախուսեց աշակերտները՝ յոյսով տոգորուելու եւ լաւատեսութեամբ շարունակելու ուսումնական իրենց կեանքը։
Հանդիպումներուն ներկայ էր նաեւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Վազգէն Քահանայ Քէօշկէրեան։