00:00:00

Ցեղասպանության ուրացումը լուրջ վտանգ է ՀՀ գոյության և ապագայի համար․ Եվրոպացիները հանուն Արցախի

23:56, 10 փետրվար 2025 Քաղաքականություն

Եվրոպացիները հանուն Արցախի հարթակը հայտարարություն է տարածել՝ անդրադառնալով վարչապետ Փաշինյանի՝ Հայոց ցեղասպանության մասին արված հայտարարություններին․

 

«Եւրոպացիները Հանուն Արցախի Հարթակը զարմացած եւ ցնցված է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին անընդունէլի յայտարարութիւներէն: Այս յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի կ՛ենթարկեն հաստատուած պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններ եւ փաստեր, կ՛անարգեն Ցեղասպանութեան զոհերը եւ վերապրողներու ժառանգները: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը կ՛ընդգրկէ պատմաբաններու, քաղաքական գործիչներու, մարդասիրական կազմակերպութիուններու եւ Հայ քաղաքացիներու տասնամեակներու վրայ շարունակական նուիրական աշխատանքներ եւ այս անընդունելի յայտարարութիւնները կը փորձեն դրժել այդ ջանքերը:

 

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը ամուր արմատներ ունի Եւրոպահայերու գործունէութեան մէջ, որուն շնորհիւ Եւրոպայի երկիրներու մեծամասնութիւնը ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանը ճանչցած են Հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած այդ մեծ հանցագործութիւնը:

 

Որպէս եւրոպացիներ, վիրավորական էր տեսնել, որ Հայաստանի վարչապետը կասկածի տակ կը մատնէ այս առաջընթացքը որուն համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Եւրոպահայութիւնը համագործակցած են տարիներ շարունակ:

 

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը պէտք չէ ենթարկուին որեւէ ներքին կամ հավերժ արտաքին քաղաքական դրդապատճառի:

 

Քաղաքական նպատակներով այս ճակատամարտի որոշ ասպեկտները կասկածի տակ դնելը միայն կը նպաստէ մեր թշնամիներուն ապատեղեկատուական արշավներուն, որոնք կը ձգտին աղաւաղել ճշմարտութիւնը:

 

Արցախի ժողովուրդը ենթարկուած է Ցեղասպանութեան եւ էթնիկ զտումի: Եւրոպացիներ Հանուն Արցախի Հարթակը կը ձգտի միջազգային հարթակներու վրայ ապահովել մարդկութեան դէմ այս ոճիրին դատապարտման եւ պատասխանատուներուն պատժելիութեան:

 

Պատասխանատուութիւն հաստատելը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ են արդար խաղաղութիւն հաստատելու համար։

 

Ընդունուած վարկած է որ երբ ոճրագործը չընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղչար իր գարշելի արարքին համար, միշտ կարող է կրկնել այդ մէկը:

 

Նոյնն է պարագան Թուրքիոյ հետ: Չընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղջար: Կրկնութիւնը Ցեղասպանութեան ապրեցան Արցախի մեր հայրենակիցները:

 

Ցեղասպանութեան ուրացոմը Թուրքիոյ կողմէ եւ անոր ներկայիս հարցականի տակ դնելը ՀՀ Վարչապետին կողմէ, լուրջ վտանգի կրնան ենթարկել Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնն ու ապագան:

 

Եւրոպացիները Հանուն Արցախի

10 Փետրուար, 2025թ.»։ 

Լրահոս

Արխիվ

March 2017
Երկ ԵրքՉոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր