00:00:00

Իսրայելի նախագահը դատապարտել է Երուսաղեմի հայ համայնքի դեմ հարձակումները

23:30, 21 հոկտեմբեր 2026 Աշխարհ

Իսրայելի նախագահ Իսահակ Հերցոգը դատապարտել է Երուսաղեմի հայ համայնքի դեմ հարձակումները։ Այս մասին հաղորդագրություն է տարածել Երուսաղեմի Հայ Դատի Հանձնախումբը։

«Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ՚ողջունէ Իսրայէլի նախագահ Տիար Իսահակ Հերցոկի պատասխանը՝ մեր 7 Օգոստոս 2026 թուակիր նամակին, որով մեր խոր մտահոգութիւնը յայտնած էինք հայ համայնքին դէմ գործադրուած յարձակումներուն առնչութեամբ եւ կոչ ուղղած՝ անհրաժեշտ ու արդիւնաւէտ միջոցներ ձեռնարկելու համայնքի անդամներուն եւ հաստատութիւններուն պաշտպանութիւնը ապահովելու համար։

Իր 16 Սեպտեմբեր 2026 թուակիր նամակին մէջ, Նախագահ Հերցոկ անդրադարձած է այս միջադէպերուն լրջութեան եւ յայտնած՝ իր յանձնառութիւնը նման արարքներու կրկնութիւնը կանխելու ուղղութեամբ։ Ան նաեւ վերահաստատած է հայ համայնքին կարեւորութիւնը, որ սերունդներէ ի վեր արժէքաւոր մաս կազմած է Երուսաղէմի կեանքին։
Իր նամակին՝ մասնաւորապէս կարեւոր հատուածի մը մէջ, Նախագահը կը յայտնէ.

«Կը փափաքիմ ընդգծել, թէ պիտի ընեմ ամէն ինչ, որ իմ կարողութեանս սահմաններուն մէջ է, օգտագործելով իմ տրամադրութեանս տակ գտնուող բոլոր միջոցները՝ նման միջադէպերու կրկնութիւնը կանխելու համար։ Համոզուած եմ, որ այս մարդիկը չեն ներկայացներ Իսրայէլի իրական դիմագիծը, եւ անոնց արարքները չեն արտացոլեր մեր արժէքները կամ հայ համայնքին հանդէպ մեր յանձնառութիւնը, որն հինաւուրց սիրելի համայնք մըն է, ով սերունդներէ ի վեր Երուսաղէմի մէջ լաւ եւ յարգուած դրացի մը եղած է, որուն հետ Հին Քաղաքի հրեայ համայնքը սերտ կապեր ունի»։

Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբը կ՚ողջունէ Նախագահ Հերցոկի այս արտայայտութիւնները եւ անոր պատասխանը կը նկատէ Յանձնախումբին եւ հայ համայնքին կողմէ բարձրացուած մտահոգութիւններուն կարեւոր ճանաչում մը։

Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Նախագահ Իսահակ Հերցոկին՝ իր պատասխանին եւ այս հարցը լուծելու ուղղութեամբ իր յանձնառութեան համար։ Կը յուսանք, որ իր խօսքերը պիտի յանգին շօշափելի եւ արդիւնաւէտ քայլերու՝ Երուսաղէմի հայ համայնքին ապահովութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ իրաւունքները պաշտպանելու համար»,- ասված է հաղորդագրության մեջ։

Լրահոս

Արխիվ

March 2017
Երկ ԵրքՉոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր