Օրհնութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, անցնող շաբթուան ընթացքին, Երկուշաբթի 7 Օգոստոսէն Ուրբաթ 11 Օգոստոս 2023-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի շաբթուան առիթով, Վանքի համանուն մատրան մէջ ամէն առաւօտ մատուցուեցան Ս. եւ Անմահ Պատարագներ եւ կատարուեցան հոգեւոր խորհրդածութիւններ, Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան երիտասարդ անդամներուն կողմէ։ Իւրաքանչիւր օրուան եկեղեցական հոգեպարար արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ խաչի, խունկի, ջուրի, իւղի եւ աղի օրհնութեան կարգեր, հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից։
Արդարեւ, Ուրբաթ, 11 Օգոստոս 2023-ին, Ս. Պատարագի մատուցումէն ետք, Ս. Աստուածածին Վանքի բացօթեայ խորանին առջեւ, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան ներկայութեան, տեղի ունեցաւ աւանդական անդաստանի եւ ապա աղօրհնէքի զոյգ արարողութիւնները, նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանի։
Յիշեալ արարողութիւններէն ետք, գլխաւորութեամբ բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանի, հաւատացեալները բարձրացան Վեհափառ Հայրապետին մօտ եւ ստացան անոր Հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնները։
Յայտնենք, որ նոյն օրը երեկոյեան, գլխաւորութեամբ Ս. Աստուածածին Վանքի վանահօր՝ Գերպ. Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըգեանի, տեղի պիտի ունենայ մատաղցու ոչխարներու զենումը եւ խաղողներու պատրաստութեան աշխատանքը, որպէսզի Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2023-ին, Վանքի ուխտի Պատարագի ընթացքին, խաղողի առաջին բերքին հետ միասին օրհնուին Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եւ բաշխուին մեր հաւատացեալ ժողովուրդին։